2016-03-17 11:35:00

''Յոյսը` զօրեղ եւ հեզ առաքինութիւն մըն է'' Ֆրանչիսկոս Պապ


(Ռատիօ Վատիկան) ''Քրիստոնէական յոյսը հեզ ու զօրեղ առաքինութիւն մըն է որ մեզի թիկունք կը կանգնի եւ թոյլ չի տար որ ''խեղդուինք'' կեանքի դժուարութիւններուն մէջ''։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին, 17 Մարտին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին կեդրոնական նիւթը, որուն ընթացքին հաստատեց թէ Տիրոջ վրայ յոյսը երբեք յուսախաբ չի թողուր, այլ աղբիւր է ուրախութեան ու մեր սրտերու անդորրութեան։

Ներշնչուելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումներէն Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշեց Աբրահամ նահապետին որ յուսահատութեան փորձութեան մէջ ինկաւ սակայն ետքը վստահեցաւ, հաւատաց ու հնազանդեցաւ Տիրոջ, ու սկսաւ իր երթը դէպի խոստացուած Երկիր։

Համայն փրկութեան պատմութեան մէջ կայ միշտ ''Յոյսի թել մը'' որ է նաեւ ուրախութեան աղբիւր ըսաւ Քահանայապետը ակնարկելով Պօղոս Առաքեալի խօսքերուն որ կը յորդորէ ''հաւատացէք ամէն յոյսէ անդին''։ Թէեւ շատ անգամ, շարունակեց Քահանայապետը,  այդ յոյսը թաքնուած է,  ու չի յայտնուիր երեւութապէս։ 

''Փրկութեան պատմութեան յոյսը սկիզբ առաւ Աբրահամի հետ ու վերջ գտաւ Յիսուսի հետ'' յարեց Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով թէ ''Քրիստոնէական յոյսը այն հեզ ու զօրեղ առաքինութիւնն է որ մեզի թիկունք կը կանգնի եւ թոյլ չի տար որ ''խեղդուինք'' կեանքի դժուարութիւններուն մէջ, ու թոյլ չի տար որ կորսնցնենք իղձը հանդիպելու Աստուծոյ''։

Քարոզին աւարտին Քահանայապետը հրաւիրեց ներկաները խորհրդածելու այս նիւթին մասին յայտնելով թէ ''Այն Աստուածը որ Աբրահամին հրամայեց ընթանալ դէպի խոստացուած երկիր, նոյն Աստուածն է որ խաչ բարձրացաւ որպէսզի իրականացնէ իր խոստումին լրումը։ Այն նոյն Աստուածն է որ մեզի խաղաղութիւն կը պարգեւէ դժուար պահերու ընթացքին, կեանքի մութ ու խաւար պահերու ընթացքին ու զայն կը պարգեւէ յոյսի միջոցաւ։ Յոյս մը որ երբեք յուսախաբ չի թողուր,­ միշտ ներկայ է, լռելեան, խոնարհ սակայն զօրեղ։








All the contents on this site are copyrighted ©.